ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` ''Համեստ, պարզ ու ժողովրդային'' անձնաւորութիւն։
''Համեստ, պարզ ու ժողովրդային'' այս երեք բառերով է որ ս. Պետրոս հրապարակը այցելող
իտալացի եւ օտարազգի կաթողիկէ եւ ոչ կաթողիկէ ուխտաւորներներն ու զբօսաշրջիկները կ՛արտայայտուին
ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մասին։ Անոր` Եկեղեցւոյ մէջ ներմուծած բարեփոխումները ողջունուած
է ամէնուն կողմէն եւ շատերը կը յայտարարեն որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի շնորհիւ աւելի
մօտեցան Եկեղեցւոյ։ ''Թէեւ բողոքական եմ, այն տպաւորութիւնը ունիմ որ Ան իմ Քահանայապետս
է'' յայտարարած է ամերիկացի ֆրանքլան բողոքական հովիւը։ Անգլիացի զբօսաշրջիկ մը իր կարգին
յայտնած է որ, ներկայ Քահանայապետը շատերուն համար կաթողիկէութիւնը շահագրգիռ դարձուցած
է։